Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութենէն գերապայծառ Ռաֆայէլ ԹԾՎ Մինասեան 24 յունիս 2011-ին Բենեդիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին յատուկ կոնդակով եպիսկոպոսական կարգին արժանացաւ որպէս նորանշանակ տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց Հայաստան Վրաստան եւ Ռուսիա…):

picԶմմառու Պատրիարքական Միաբանութենէն գերապայծառ Ռաֆայէլ ԹԾՎ Մինասեան 24 յունիս 2011-ին Բենեդիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին յատուկ կոնդակով եպիսկոպոսական կարգին արժանացաւ որպէս նորանշանակ տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց Հայաստան Վրաստան եւ Ռուսիա…):

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ, շաբաթ 16 յուլիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին:

Հայր Ռաֆայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեանի կենսագրական գիծերը:
Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան ծնած է Լիբանան 1946-ի հոկտեմբեր 24-ին: Ծնողքը՝ Պետրոս եւ Ռոզա Մինասեան: 1958-ին՝ մուտք կը գործէ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան ընծայարանը, ուր կը ստանայ իր դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւնը: 1966-ին կ’ուղարկուի Հռոմ՝ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան եւ կ’աշակերտի քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին, ուրկէ կը ստանայ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները:

Շարունակած է իր ուսումը Հռոմի Սալեզեան համալսարանին մէջ մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան գիտութեան մէջ:
Քահանայ ձեռնադրուած է 1973-ի յունիս 24-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Մինչեւ 1980 ստանձնած է Պէյրութի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովութիւնը: 1978-ին նշանակուեցաւ քարտուղար Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցական ատեանին, ապա դատաւոր մինչեւ 1989:

1980-էն 1984 ծիսագիտութիւն դասաւանդած է Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ: 1983-էն 1986 եղաւ ժողովրդապետ Զալքայի (Լիբանան) սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ: Նշենք, որ սուրբ Խաչ համալիրի ծրագիրը սկսած էր 1973-ին, երջանկայիշատակ Պաթանեան հոգեւոր տիրոջ հրամանով երբ 300 մ. ք. հող մը գնուեցաւ եւ նախագիծի պատրաստութեան սկսաւ: Սակայն լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը կասեցուցած էր գործը: 1981-ին երջանկայիշատակ Կէտիկեան հոգեւոր Տէրը զետեղեց հիմնաքարը: 1984-ի դեկտեմբեր 24-ին սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցին շնորհիւ հայր Ռաֆայէլի ճիգերուն եւ պատրաստութեան կատարուեցաւ բացումը Զալքայի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ:

1986-էն 1988 փոխադրուեցաւ պատրիարքարան ուր վարեց քարտուղարի պաշտօնը երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարքին: 1988-էն 1990 վասն հատուցման, դարձեալ անուանուեցաւ ժողովրդապետ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ: Միաժամանակ եղաւ տնօրէն եկեղեցւոյ կողքին պատրիարքական նորակառոյց վարժարանին:

1984-ին հիմնեց սուրբ Խաչ սկաուտախումբը, 1988-ին՝ ՀԿՄ Զալքայի պատանեկան միութիւնը 1985-ի դեկտեմբեր 21-ին, եւ եկեղեցւոյ բացման եւ օծման առաջին տարեդարցին երաժշտական աննախընթաց համերգ մը տուաւ եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ լիբանանահայ կարգ մը արուեստագէտներու հետ կազմած սենեկային նուագախումբին հետ: Այնօրերուն մեծապէս գնահատուեցաւ այս համերգը, որ իր յայտագրին մէջ ունէր հայր Արսէն Այտընեանի պատարագի մեղեդիներ: Այս ձեռնարկը եւ ուրիշներ վերածուեցան կարծր սկաւարակներու, եւ անոնք այսօր կը պարունակեն մեր եկեղեցւոյ հին աւանդն ու նոր ստեղծագործութիւնները: Անոր երաժշտական վերջին վաստակը եղաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, զուտ հոգեւոր երգերու երկու կարծր սկաւարակներ, որ կը պարունակեն հոգեւոր օրքեսդրային եղանակներ առանց երգչախումբի, կատարողութեամբ իրմէ իսկ հիմնուած սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սենեկային նուագախումբին (Saint Gregory Chamber Orchestra) եւ մասնակցութեամբ Սահակ Կարապետեանի, իսկ երկրորդը, Արամ Խաչատուրեանի 100-ամեակին նուիրուած համերգը:

1990-էն 2006 եղաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիայի նահանգին ժողովրդապետ՝ հանդիսանալով առաջին Զմմառեան միաբանը, որ ստանձնեց այս պաշտօնը: Ան գլխաւոր հիմնադիր անդամներէն մէկը եղաւ «Armenian Alliance» բարեգործական հիմնադրամին, որուն հովանաւորութեամբ իրականացան մարդասիրական եւ տնաշինման զանազան ծրագիրներ, Հայաստանի աղքատ շրջաններուն մէջ: Հայր Ռաֆայէլ վարեց ութ տարի Աւետաբեր-Վերելք ամսաթերթի խմբագրութիւնը, որուն մէջ լոյս տեսան զանազան գործունէութիւններու եւ հովուական յօդուածներու կողքին, միջեկեղեցական եւ համամիութենական յօդուածներ: Ասոնց շարքին ան հրատարակեց «Հովիւի Ձայնը» հատորը, ընկերային բարոյական, ընտանեկան երիտասարդական եւ ազգային նիւթերով: Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան ձեռնարկեց նաեւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառուցման ծրագրին Կլէնտէյլի մէջ, որ իր աւարտին հասաւ յունուար 1998-ին եւ օծումը տեղի ունեցաւ 2001-ին՝ հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով: 26 Սեպտեմբեր 2005-ին՝ Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը զինք անուանեց պատրիարքական եկզարք Երուսաղէմի եւ Ամմանի եկզարքութեան: 2005-ին Իտալիոյ մէջ ան հիմնեց «Թէլէ Փաչէ Արմենիա» հեռատեսիլի յայտագիրը, որ ամէն օր, հայերէնով եւ արբանեակային հեռարձակումով կը սփռէ Աւետարանի պատգամը եւ հայ Եկեղեցւոյ լուրերը:
2009-ին Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ համալիրին մէջ գտնուող Քրիստոսի խաչի ճանապարհի չորրորդ կայեանին մէջ հաստատեց սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի մնայուն երկրպագութիւնը, որուն շարունակականութիւնը կ’ապահովեն սուրբ Պօղոսի անուան նուիրուած միաբանութեան քոյրերը: